2012-01-31 12:10:39

Գերմանիոյ Մէջ Իսլամական Աստուածաբանութեան Մասնաճիւղի Բացում` Որպէս Օգնութիւն Մը Միջկրօնական Երկխօսութեան։


Թուպինկէն գերմանական համալսարանը, յունուար ամսոյն կէսին, բացումը կատարեց իսլամական աստուածաբանութեան առաջին մասնաճիւղին, մօտ ապագային՝ բացումը պիտի կատարուի այլ երեք իսլամական աստուածաբանութեան մասնաճիւղերու։ Գերմանիոյ մէջ կ'ապրին չորս միլիոն մահմետականներ։ Թիւպինկէնի նոր մասնաճիւղը արձանագրուած են Գերմանիա ծնած 36 ուսանողներ, որոնց 23-ը տիկիններ են։ Դասընթացքը աւարտելէ ետք, անոնք կրնան դառնալ կրօնուսոյց, իմամ կրօնապետ եւ աստուածաբան։ Դասընթացքը գերմաներէն լեզուով կը տրուի եւ սակայն արաբերէնը պարտադիր լեզու է։








All the contents on this site are copyrighted ©.